2013-01-11 11:49:37

Պրազիլ` Երիտասարդական Համաշխարհային Օրուան Առթիւ ''Քրիստոս Փրկիչ'' Արձանի Կառոյցը 24 Ժամ Անդադար Բաց Պիտի Մնայ Հանրութեան ։


23 - 28 յուլիս 2013, Ռիո Տէ Ժանէյրօյի մէջ նշուելիք երիտասարդական համաշխարհային օրուայ առթիւ, Ռիոյի ''Յիսուս Փրկիչ'' արձանի կառոյցը 24 ժամ անդադար բաց պիտի մնայ հանրութեան։ Ռիոյի Արքեպիսկոպոսը գերապայծառ Թէմբեսդան լուրը հաղորդելով մատնանշած է թէ այս որոշումով երիտասարդները, խումբ առ խումբ, կարելիութիւնը պիտի ունենան հսկումի աղօթքներու մասնակցելու եւ ուխտաւորներուն կարելիութիւն պիտի տրուի այնտեղ աղօթելու երիտասարդներուն ու աշխարհի խաղաղութեան համար։
Երիտասադութեան համաշխարհային օրուայ առթիւ Ռիօ կատարած իր հովուական այցելութեան ընթացքին Սրբազան Հայրը առիթը պիտի ունենայ ուղղաթիռով շրջելու Պրազիլի մայրաքաղաքը խորհրդանշող ''Քրիստոս Փրկիչ'' արձանի շուրջ ու տակաւին չէ հաստատուած եթէ Ան նաեւ առիթը պիտի ունենայ այցելելու սրբավայրը։
Յայտնենք որ 2012-ին 2,2 միլիոն մարդ այցելած է կառոյցը մինչ 2011-ին այցելուներու թիւը 1,7 միլիոն էր։








All the contents on this site are copyrighted ©.